Մեր Մասին
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաք
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը, երրորդը իր տեսակին մէջ, կը համալրէ Համազգայինի երիտասարդական ծրագիրներու շարքը։ Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) կը պեղէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին։ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի եւ Արթլինքսի մեծ յաջողութիւններէն ետք, 2018-ին կազմակերպեցինք Եւրոպայի Երիտասարդական Հաւաքը՝ ծրագիր մը, որ հայ երիտասարդութեան առիթ կ՛ընծայէ իրենց նմանողներու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու համար իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը եւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ։
Global Gathering: Uniting Young Armenians
Այցելել Մարսիլիոյ տեսարժան վայրերը
հաճելի մթնոլորտի մէջ ստեղծել հայկական ընկերային ջերմիկ շրջանակ
Մասնակցիլ զանազան յայտագիրներու, որոնք ծրագրուած են հայկականութիւնն ու հայ մշակոյթը ծանօթացնելու